2012-10-30 12:28:57

Եւրոպայի Մելքիթներու Առաջին Համագումարը` ֆրանսայի Օպազին Աբբայարանին Մէջ։


Եւրոպայի Մելքիթներու առաջին համագումարը տեղի կ'ունենայ ֆրանսայի Գոռեզ մարզի` Օպազին աբբայարանին մէջ, նոյեմբեր 1-3։
Հաւաքին բնաբանն է. Մելքիթ ըլլալ Եւրոպայի մէջ. ամրապնդուիլ հաւատքի ու աւանդութեան մէջ''։
Այս առաջին համագումարին նպատակն է <<միատեղ խմբել Եւրոպայի մելքիթ` յոյն կաթողիկէ հաւատացեալները, զանոնք հաստատ պահելու համար իրենց հաւատքին ու իրենց աւանդութիւններուն մէջ>> կը գրէ մելքիթներու Պատրիարք գերերջանիկ Կրէկուար Գ.։
Համագումարին ընթացքին, նոյեմբեր 2ին, Պատրիարքը դասախօսութիւն մը պիտի կատարէ ''Միջին Արեւելքի` յետ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի յորդորագիր` հաղորդութիւն եւ վկայութիւն Աւետարանի նոր քարոզութեան համար'' նիւթին մասին։
Յայտնենք որ մելքիթները բիւզանդական ծէսի կը հետեւին։ Անոնք կը գտնուին Միջին Արեւելքին մէջ եւ 1724ին միացան կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Ներկայիս կը հաշուեն շուրջ 2 միլիոն հաւատացեալներ, որոնցմէ 1.300.000 ամերիկեան ցամաքամասի մէջ կ'ապրին 19-րդ դարու գաղթականութեան հետեւանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.